Արամ Ա կաթողիկոսի այցը Դամասկոս և Հալեպ սիրիահայությանը զորակցության լավագույն դրսևորում էր
10 րոպեի ընթերցում

ՀԱԼԵՊ, 6 ՀՈՒՆՎԱՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսը պաշտոնական այց է կատարել և Դամասկոսում հանդիպում է ունեցել Սիրիայի նախագահ Բաշար Ասադի հետ: Իսկ Հալեպում Սուրբ Ծննդյան և Աստվածհայտնության տոնը նշվել է Արամ Ա կաթողիկոսի ներկայությամբ:
Հալեպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի հատուկ թղթակցությունը «Արմենպրես»-ը ներկայացնում է ամբողջությամբ:
«ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սուրիահայութեան զօրակցութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը դրսեւորեց հովուապետական այցելութիւն շնորհելով իր հօտին: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն յատուկ պատուիրակութեամբ նախ ուղղուեցաւ մայրաքաղաք՝ Դամասկոս, Չորեքշաբթի, 4 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, պաշտօնապէս հանդիպելու համար Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին՝ Պաշշար ալ Ասատին: Սուրիական սահամանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ժիրայր Րէիսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ճորճ Շահինեանի, Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիգրան Պետրոսեանի կողմէ:

Շքախումբը շարունակեց իր երթը Սուրիոյ Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր յանուն նախագահին դիմաւորուեցաւ կուսակցութեան օգնական քարտուղարին՝ Հիլալ Հիլալի կողմէ: Վեհափառ կաթողիկոսը իր պատուիրակութեամբ յատուկ մտերմիկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ: Ապա, շքախումբը մեկնեցաւ նախագահական պալատ եւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպումը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած ջերմ ու սրտբաց հանդիպման ընթացքին, վսեմաշուք նախագահը խօսեցաւ Սուրիոյ վերջին հինգ ու կէս տարուան ներքին կացութեան եւ տագնապին մասին՝ ապահովական ու քաղաքական երեսներով, ինչպէս նաեւ լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին թէ արտաքին զարգացումներուն մասին։ Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը ողջունեց Հալէպէն ներս խաղաղութեան վերահաստատումը եւ մաղթեց, որ ամենամօտիկ ապագային բովանդակ Սուրիոյ տարածքին ամբողջական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատուի։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ժխտական եւ քանդիչ դերակատարութեան։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ շեշտեց ու յոյս յայտնեց, որ երկրէն ներս բարեկարգումի ու վերականգնումի գործընթացը շուտով սկսի, որուն գործուն մասնակցութիւն պարտին բերել բոլոր համայնքները, իսլամ, քրիստոնեայ ու մասնաւորաբար՝ հայ համայնքը։ Այս իմաստով վսեմաշուք նախագահը բարձր գնահատեց սուրիահայ քաղաքացիներուն դերակատարութիւնը տագնապի ողջ տեւողութեան, ընդգծեց անոնց կապուածութիւնը Սուրիական Հայրենիքին եւ զոհողութեանց գնով անոնց յանձնառութիւնը: Հանդիպումի վերջաւորութեան, վեհափառ հայրապետը յատկապէս յիշեց բոլոր նահատակները. «Անոնց նուիրական արիւնով Սուրիան աւելի զօրաւոր եւ սուրիացի ժողովուրդը աւելի վճռակամ պիտի շարունակէ նորոգութեան ու վերականգնումի իր ընթացքը», ըսաւ վեհափառը, ան նաեւ շուտափոյթ ապագինում մաղթեց վիրաւորներուն։ Պատմական հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ լաւագոյն բարեմաղթութիւններով, գոհունակութեան արտայայտութիւններով եւ յիշատակի լուսանկարով: Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը խորհրդակցական հանդիպումներ ունեցաւ դամասկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ վերականգնումի նիւթին առնչութեամբ պատկերացումներու քննարկումը շարունակուեցաւ հաւաքական ընթրիքի սեղանին շուրջ»,-գրում է «Գանձասարը»:

«Ուրբաթ, 6 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, ազատագրուած Հալէպի մէջ աննախընթաց ցնծութեամբ նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը սփոփիչ ու գօտեպնդիչ էր տագնապահար հալէպահայութեան համար յատկապէս այն հանգամանքով, որ մեր ժողովուրդը զոյգ տօները կը նշէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ եւ օրհնաբաշխ ներկայութեամբ:
Խուռներամ բազմութեան կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան թեմիս Ազգային Իշխանութեան, Պատկան Մարմնին ու հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Սուրիոյ Խորհրդարանի Հալէպի եւ Դամասկոսի պատգամաւորներ, եւ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամներ, Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ֆրանսայի Խորհրդարանի անդամներ եւ լրագրողներ, Հալէպի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմնի ներկայացուցիչներ, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ ՀՀ Հալէպի փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեան:
Ս. եւ Անմահ պատարագը մատուցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Առընթերականներն էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան եւ Տէր Նորայր Եպս. Աշըգեան։

Խորանի երգեցողութիւնը կատարեց Տէր Թորգոմ Ծայրագոյն Վարդապետ Տօնոյեան։ Խորանի սպասարկուներն էին՝ Հայր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան եւ Հայր Զաւէն Աբեղայ Նաճարեան։
Պատարագին մասնակցեցաւ Հալէպի հոգեւորականաց դասը, իսկ երգեցողութեան՝ Հալէպի հայ առաքելական չորս եկեղեցիներու միացեալ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ բժիշկ Սարգիս Սարկաւագ Իսկէնեանի։
Մեր Տիրոջ Յիսուսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը տուաւ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ.
«Տառապեալ ու տագնապեալ, բայց միշտ կանգուն Հալէպէն կ՛աւետեմ Աստուծոյ որդւոյն Ծնունդը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ի սփիւռս աշխարհի, ըսելով՝ Քրիստոս ծնաւ ե յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի մեծ աւետիս:
«Այսօր, ահաւասիկ Աստուծոյ խաղաղութեան ու սիրոյ արեւը կը ճառագայթէ Հալէպ քաղաքին վրայ. ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է տեսնել մեր ժողովուրդի զաւակները այս խուռներամ բազմութեամբ մեր հաւատքի տան, մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ես մեր ժողովուրդի զաւակներուն աչքին մէջ արցունք կը տեսնեմ, սակայն միաժամանակ անոնց դէմքերուն վրայ կը տեսնեմ խաղաղութեան, յոյսի ու հաւատքի ճառագայթող ներկայութիւնը:
«Թող աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Սուրիոյ ու Հաէպի մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, սակայն այսօր վերականգնած է ու խաղաղութեան ծիածանը կամար կապած է Հալէպին վերեւ:
«Հալէպի հայութիւնը այստեղ պիտի մնայ: Պատմութեան ընթացքին ամրացած է անոր ներկայութիւնը այս քաղաքին մէջ:
«Դարեր շարունակ մենք այստեղ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն հետ ապրած ենք խաղաղութեամբ, գործակցութեամբ ու փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Թող աշխարհը իմանայ, որ Հալէպը քրիստոնեայ, իսլամ գոյակցութեան քաղաքն է: Ոմանք փորձեցին աղաւաղել Հալէպի դիմագիծը, ինքնութիւնը, սակայն Հալէպը կը շարունակէ ու պիտի
շարունակէ ապրիլ իր քրիստոնեայ-իսլամ բնակչութեան գոյակցութեամբ, վերանորոգ կամքով ու նուիրումով»:
Վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնելով Հալէպի ժողովորդին յայտնեց. «Մեր ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի ձեզի հետ է ժողովուրդ հայոց Հալէպի: Ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն, այսօր եւս մենք զօրավիգ կը կանգնինք, կ՛աջակցինք ձեզի բառին ամբողջական իմաստով:
«Այս հոգեպարար պահուն իմ աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ խաղաղութիւնը տարածուի ողջ Սուրիոյ տարածքին, որպէսզի սուրիահայութիւնը շարունակէ իր կամակերպ կեանքը ապրիլ Սուրիոյ մէջ:
«Սուրիոյ հայութիւնը մեր ազգին կեանքէն ներս իր առանձքային դերը ունեցած է: Վստահ ենք, որ վերանորոգ թափով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

«Հազար փառք ու յարգանք Սուրիոյ հայութեան եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին: Հաւատքով ու յոյսով թրծուած շարունակեցէք ձեր կեանքը, ի խնդիր խաղաղութեան ու համայնքներու, ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ ամրապնդուած գոյակցութեան»:
Ապա վեհափառ հայրապետը թափօրին ընկերակցութեամբ, հոծ բազմութեան օրհնութիւններ բաշխելով, ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային Աջահամբոյր։
Հուսկ, ազգային մարմիններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ու Հալէպի նահանգապետին գլխաւորութեամբ պետական պաշտօնական պատուիրակութիւններ շնորհաւորական այցելութիւն տուին վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ու Ազգ. Իշխանութեան»,-հայտնում է Հալեպում լույս ընծայվող պարբերականը:
