ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ի հարուստ ու հայակեդրոն գործունէութեան մասին. Արմէնփրէսի հիւրն է ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը
16 րոպեի ընթերցում
ԵՐԵՎԱՆ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: ՀԲԸՄ Սփիւռքի մէջ Հայ մարդու դարբման ու Հայաստանի սատարման ամենամեծ կազմակերպութիւներէն է, իսկ անոր պատկանող Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութիւնը(ՀԵԸ) իր մարզական, մշակութային, ուսանողական, սկաուտական եւ այլ կառոյցներով, սփիւռքեան Հայ համայքներուն մէջ, կ՝իրականացնէ այդ ազգանուէր եւ հայրենանուէր գործի հիմնական բաժինը: ՀԵԸ -ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի հետ մեր զրոյցը լոյս կը սփռէ այդ գործունէութեան վրայ:
Ծնթ.Հարցազրոյը կարելի է լսել ձայնային ալ տարբերակով կցուած այստեղ:
Պարոն Չերչեան, դուք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան ամենաանկիւնաքարային թերեւից մէկի՝ «Անդրանիկ» երիտասարդական ասոցացիայի ղեկավարն էք, հասկանալի է, որ միութիւնը իրենից ներկայացնում է մի հսկայ կազմակերպութիւն, որ աշխատանքային բազմաթիւ ուղղութիւններ ունի, պիտի խնդրէի ձեզ անդրադարձ ունենայիք այդ բոլոր աշխատանքներին։
-Շնորհակալ եմ, այս առիթը, որ տրուեցաւ «Արմէնփրէս»-ի մէջ ներկայացնենք ՀԵԸ-ը, այսինքն Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, հիմա Լիբանանի մէջ է, որ «Անդրանիկ» կը կոչուի, իսկ Լիբանանէն դուրս ՀԵԸ-ը Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնն է, որ երիտասարդական շարժումն է, Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, AGBU-ին, ուրեմն, մենք իբրեւ երիտասարդական շարժում, համառօտ ակնարկ մը տամ, ունինք ենթաբաժանումներ, ունինք հիմնականը մարզական, որ բաւական, հետագային կ՛անդրադառնամ, մեծ թիւով մարզաձեւերու մէջ Լիբանան եւ Լիբանանէն դուրս, երիտասարդութիւնը կը փորձենք ակումբ բերել եւ մարզական միջոցառումներով պահել հայկական ակումբի մէջ, ունինք սկաուտական շարժումը, ունինք սկաուտական փողերախումբը, այսինքն՝ ինչ որ «միւզիք»ի հետ կապուած է, երաժշտանոց եւ այլն, մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեան տակ, եւ ունինք մեր երիտասարդական շարժումները, Համալսարանական Ուսանողաց Միութիւնը եւ հիմնական մշակութային շարժումը։ Մշակութային շարժումը կ՛ըսենք, թատերախումբ, պարախումբ, երգչախումբ եւ մշակութային զանազան ձեռնարկներ, միջոցառումներ, որ վարչութիւնները կը կազմակերպեն, այսինքն նկարչական ցուցահանդէսներ, եւ այլն, այսինքն՝ ասիկա համառօտ գործունէութիւն մըն է երիտասարդական եւ անշուշտ մենք կապուած ենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, իւրաքանչիւր երկրի մէջ, որ կը գտնուինք իբրեւ երիտասարդական շարժում կապուած է այդ երկրի Շրջանակային կամ Շրջանային վարչութեան Բարեգործականին։
Վերջին տարիները նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան համար փորձութիւններով լեցուն էին, տնտեսական տագնապ, քաղաքական անկայունութիւն, պայթիւնը Պէյրութի նաւահանգիստում եւ կարծես ինչ որ բացասական սպասելիքների կամ վատատեսութեան առիթները շատ աւելին են, ինչպիսի՞ն է հիմա մթնոլորտը համայնքում եւ երիտասարդական ասոցացիան ի՞նչ ծրագրեր է հիմա իրականացնում, որպէսզի մեր հայրենակիցների պատուհասած այս դժբախտութիւնները, փորձութիւնները շատ աւելի հանգիստ կարողանանք յաղթահարել։
-Մենք իբրեւ ՀԵԸ երիտասարդութիւն, բաւական մեծ թիւով անդամներ ունինք Լիբանանէն ներս, անշուշտ գործակցելով միասնաբար, քանի որ մենք կը հաւատանք հաւաքական աշխատանքի, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հետ կրցանք բաւական օգտակար ըլլալ մեր համայնքին, սկսելով 2019-էն, երբ որ այս հարցերը ստեղծուեցան, 17 Հոկտեմբերէն ետք Լիբանանէն ներս, անմիջապէս մենք նախաձեռնութիւնը ունեցանք տուփեր պատրաստել եւ օժանդակութիւններ տալ մինչեւ 2000 ընտանիքի, ամսական դրութեամբ։ Անշուշտ մեր Լիբանանի Բարեգործականի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեանի աջակցութեամբ եւ մեր երիտասարդութեան օգնութեամբ կրցանք այս օժանդակութիւնները մեր համայնքի ընտանիքներուն, հայ ընտանիքներուն բաժնել, որմէ ետք եկաւ պայթումը։ Պայթումը հսկայական աւեր գործեց, մենք որպէսզի աւելի մօտ ըլլանք, քանի որ անշուշտ, որ մենք Լիբանանէն ներս զանազան կեդրոններ ունինք, Պէյրութի մէջ, Պուրճ Համուտի մէջ, Սին էլ Ֆիլի մէջ, Անթիլիասի մէջ, Զահլէի մէջ, եւ այլն, ամենամօտ կեդրոնը սեպեցինք պայթումէն վնասուած շրջաններուն, Սին էլ Ֆիլի, Հըրշ Թապէթի մեր «Նազարեան» եւ «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնը եւ հոն աղէտի մասնաւոր յանձնախումբ մը եղաւ, եւ սկսանք հոն, անշուշտ նիւթական օժանդակութիւն եկաւ անմիջապէս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան զանազան երկիրներէն գլխաւորութեամբ մեր նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, եւ օժանդակութեամբ անշուշտ մեր Պրն. Թիւֆէնքճեանին, եւ սկսանք այդ գումարները յատկացնել եւ շինարարական աշխատանքի, առաջինը մեր երիտասարդութիւնը իջաւ ամբողջ շրջանները մաքրեց, այդ տուները մաքրեց, քանի որ ահռելի գոյավիճակ մը ստեղծուած էր շրջաններու մէջ եւ գրեթէ հայահոծ շրջաններ էին, որմէ ետքը սկսանք նորոգութեան աշխատանքին եւ A to Z նորոգեցինք մեծ թիւով հայ բնակարաններ, այսինքն մօտաւորապէս 870 բնակարան նորոգուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ։
Չեմ կարող գայթակղութեան դիմանալ եւ չտալ այդ հարցը, օրերս ձեւաւորուեց կառավարութիւն Լիբանանում եւ կարծես քաղաքական անկայունութեան էս փուլը կարգաւորուելու յոյսեր է ներշնչում, ինչպիսին է ձեր գնահատականը, ինչպիսի հեռանկարներ ունէք էս առումով։
-Ճիշդ ասաց, մենք միշտ յոյսով ենք, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, բայց յուսանք, չեմ գիտեր որչափով պիտի կարողանայ, քանի որ քիչ մը կնճռոտ հարց է լիբանանեան ընդհանուր քաղաքական գոյավիճակը, յուսանք լաւ տեղ կրնան հասցնել այս նոր կառավարութիւնը ի մասնաւորի գալ տարի, փարլըմանի ընտրութիւն կայ, երեսփոխանական, որմէ ետք նախագահական ընտրութիւն կայ, բայց այս բոլորին կողքին, գործունէութիւնները կը շարունակուին, մարզական մեր շարժումները կը շարունակուին, մեր ախոյեանութիւնները, քանի որ Լիբանանէն ներս մենք կը մասնակցինք բոլոր մարզաձեւերուն, Լիբանանի պաշտօնական ախոյեանութիւններուն, ըլլայ պասքեթպոլ, ըլլայ ֆութպոլ, մինի ֆութպոլ, փինկ փոնկ։
Այստեղ իմ հարցը կանխեցիք, որովհետեւ հէնց մարզական ոլորտին պիտի անդրադառնանք։ Պարբերաբար մեր լրահոսում հայկական թիմերի յաջողութիւնների մասին տեղեկութիւններ են դնում, այն ինչպիսին է իրավիճակը էսօր, անկախ այս ցնցումներից, մեր մարզական ակումբները ինչպիսի յաջողութիւններ ունեն եւ ինչպիսին են ունենալու։
- Վստահ դուք կը ստանաք մեր ՀԵԸ-ի պարագային, մեր մամլոյ գրասենեակի պարագային պատասխանատուն է պրն. Ահարոն Շխըրտըմեանը եւ շաբթական դրութեամբ ինքը տեղեկատու - Enews կը հրատարակէ եւ կը փոխանցէ բոլորին մեր յաջողութիւնները, մեր շարժումները մարզական գետնի վրայ, գոնէ ՀԵԸ-ի պարագային շատ լաւ էին, մենք բոլոր մարզաձեւերուն մէջ, դպրոցներ հաստատած ենք, այսինքն հարիւրաւոր երիտասարդներ, փոքրեր կու գան, կը մասնակցին մեր մարզումներուն, պասքեթպոլը իր կարգին, ֆութպոլը իր կարգին, եւ իւրաքանչիւրը, անշուշտ մենք, կրկին շնորհակալութիւն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որովհետեւ հսկայական համալիրներ ունինք մեր տրամադրութեան տակ, որպէսզի մենք կարողանանք այս շարժումները քալել, ուրեմն մենք ունինք ֆութպոլի մեծ դաշտ մը, ֆութպոլի դաշտին մէջ կը մարզուին մեր ֆութպոլի խումբերը, այս տարի յաջողութիւն ունեցաւ մեր մեծ ֆութպոլի կազմը, քանի որ մենք երկու կազմ ունինք, մինի ֆութպոլ, հիմա մինի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը կ՛ընթանայ, իսկ թեքուանտոյի պարագային մենք այս տարի Լիբանանի ախոյեանութեան երեք հատ ոսկի մետալ շահեցանք, եւ Լիբանան ներկայացնելով ազգային խումբը, մասնակցեցաւ Պէյրութ օփընինկի եւ Ասիոյ ախոյեանութեան պասքեթպոլի մէջ հիմա սկսաւ, պիտի սկսի ախոյեանութիւնները մեր պասքեթպոլի տղոց խումբը առաջին դասակարգ կը խաղայ, իսկ միակ ակումբն ենք, որ առաջին դասակարգի մէջ ունինք երկու խումբ, քանի որ Լիբանանէն ներս, ինչպէս որ քիչ առաջ նշեցի, մենք հինգ մասնաճիւղ ունինք եւ այդ մասնաճիւղերը արտօնագիր ունին եւ ըստ պետութեան, այդ արտօնագրերը կրնաս, այսինքն երբ որ Անդրանիկ ըսենք Պէյրութ, Անդրանիկ-Պէյրութը կապ չունի, Անդրանիկ-Անթիլիասի հետ, Անդրանիկ-Սին էլ Ֆիլի հետ, Անդրանիկ-Զահլէի հետ, այս պարագային երբ որ դասակարգային, հինգերորդ դասակարգ, չորրորդ, երրորդ, երկրորդ, առաջին երբ որ կ՛ըլլան, մենք միակ ակումբն ենք, որ երկու առաջնակարգ խումբ ունինք աղջկանց Ա. դասակարգի մէջ պասքեթպոլի, ուրեմն փինկ-փոնկի պարագային մեր դպրոցի աշակերտութիւնը շատ լաւ արդիւնք տուաւ, թէ աղջիկները եւ թէ տղաքը, թէ խմբային եւ թէ անհատական Լիբանանի ախոյեանութիւնը շահեցան, այսինքն միակ ակումբն էինք, որ «տապըլ», թէ տղաքը եւ թէ աղջիկները Լիբանանի ախոյեանութիւնը շահեցան։ Ասիկա ինչ կը վերաբերի մեր մարզական շարժումին, անշուշտ յաջողութիւնները շատ են, անշուշտ մենք հոս չենք կրնար բաղդատել, ճատրակի մէջ ալ բաւական լաւ արդիւնքներ ունինք, Լիբանանի ճատրակի ախոյեանը ՀԵԸ-էն է, եւ այս տարի մասնակցեցաւ ներկայացնելով Լիբանանը Սոչիի մէջ աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան։
Գանք մշակութային դաշտին։
-Մշակութային դաշտը դժբախտաբար կանգ առաւ այս երկու տարի է, մենք ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը, որ երկու հարիւր անդամ ունէինք, եւ ելոյթը չկրցանք տալ, վերջին ելոյթը «Քովիտ»-ի պատճառով, քանի որ մեր ելոյթները ամենամեծ սրահին մէջ կ՛ըլլար եւ կը կրկնուէր երկու շաբաթով, երեքական անգամ, չորսական անգամ եւ այդ սրահը հազար հոգիէն աւելի կ՛առնէ թիւ, «Քովիտ»-ի պատճառով պետութիւնը արգիլեց քով քովի ժողովուրդը նստի, 200 հոգի բեմին վրայ մուտք-ելք եւ այլն, զանազան տարիքի խումբերը, թատերախումբը նոյնպէս, հիմա վերամուտին յուսանք նորէն պիտի սկսինք մշակութային մեր գործունէութիւնը աւելի եւս թափ տալ։
Ինչ կը վերաբերի մեր սկաուտական շարժումին։ Սկաուտական շարժումը վերսկսաւ, կան մեծ թիւով 600 անդամներէ աւելի Լիբանանէն ներս սկաուտական շարժում ունինք, սկաուտական շարժումը այն շարժումն է, որ կը պատրաստէ հայ պատանին, հայ երիտասարդը, որ առաջին՝ ինքզինքը հայ նկատէ եւ մենք լաւ ձեւով կը պատրաստենք անոնց , որպէսզի մենք հպարտ ըլլանք իրենցմով եւ անշուշտ աւելի հոս ալ մենք կապ հաստատած ենք եւ բանակավայր ունինք եւ ամէն տարի, այսօր քսան տարի է, տարեկան դրութեամբ բանակում կ՛ըլլայ Հայաստանի մէջ։ Դժբախտաբար, անցեալ տարի չեղաւ, բայց այս տարի սկսանք եւ պիտի շարունակուի անշուշտ այս բանակումները, որ աշխարհի չորս կողմէն մեր սկաուտական շարժումի անդամները, Ամերիկայէն, Արժանթինէն, Պարսկաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, եւայլն, կու գան եւ հոս բանակում կ՛ընեն անշուշտ, Բարեգործականի Հայաստանի սկաուտական շարժումին հետ միասնաբար, եւ իրարու կը ծանօթանան, մենք կը հաւատանք, որ այս երիտասարդութեան առիթ պիտի տանք, որ հայրենիք գան, հայրենիքին ծանօթանան, եւ աւելի եւս այդ զգացական, զգացումները զօրացնենք, որպէսզի հայը հայ մնայ։
Վերջի հարցը պիտի տամ։ Տագնապները, որ տեղի ունեցան թէ Հայաստանում, թէ Լիբանանում, նաեւ լսելի են դարձնում հայրենադարձութեան, հայրենիք վերադառնալու այդ խնդիրը գնալով աւելի ու աւելի արդիական է դառնում։ Որպէս ընկերակցութիւն, անելիք տեսնում էք, մի գուցէ մենք անելիք ունենք, չէ որ մեր հայրենակիցներից շատերը Հայաստան չեն են եղել երբեք, եւ գալով էստեղ ինթեկրման խնդիր են ունենալու, նաեւ պիտի օգնենք, որ իրանց գործը հիմնադրեն, իրանց երեխեքը պիտի դպրոց գնան, չէ որ տեղափոխուելը վերադառնալը կարեւոր որոշում ա մարդու կեանքում։ Էս առումով օրինակ, ի՞նչ ունենք մենք անելու էստեղ Երեւանում, ի՞նչ պիտի առուի Պէյրութում, կը լինի Հալէպում եւ այլուր, որպիսի հային հայ պահելու մայր հայրենիքում նրա համար ապագայ ստեղծելու միջոցներից մէկն է։ Ձեր տեսլականը կ՛ուզենայի լսել։
- Մենք կը քաջալերենք, որ մեր երիտասարդութիւնը Հայաստան գայ, արդէն Սփիւռքի մէջ հիմնական նպատակը ի՞նչ է, երբ որ մեր հիմնական այս ակումբներու գոյութիւնը, միութիւններու, կուսակցութիւններու հայը հայ պահել է, այսինքն հայապահպանում, եւ իմ անձնական տեսակէտս անիկա է, որ հայ կը մնայ Հայաստան, ուրեմն, մենք պիտի քաջալերենք, որ մեր երիտասարդները գան եւ աւելի եւս զարգանայ մեր հայրենիքը, եւ հիմա մեծ թիւով, նախքան պատերազմը եւ պատերազմէն ետքը, Հայաստանի մասին է խօսքս, մեծ թիւով ընտանիքներ եւ երիտասարդներ, շատեր ընտանիքներ ունինք, եւ շատեր երիտասարդներ մինակ կու գան կոր, որպէսզի հիմնեն եւ իրենց ընտանիքը բերեն, թիւ կայ, մեծ թիւ կայ, հոս, նաեւ մենք Հայաստանի պետութիւնը, թէ այն կազմակերպութիւնները, որոնք Հայաստանի մէջ հաստատուած են եւ կեդրոններ ունին եւ կը գործեն, նաեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ըլլայ այս երիտասարդներուն, աղջիկներուն, տղոց օգտակար ըլլալ, որպէսզի գործեր ապահովուի եւ մնայ, այսինքն վերջ ի վերջոյ հոս պիտի գայ ապրի, եւ այդ գործի հնարաւորութիւնը ստեղծելը կարեւոր բան է, այսինքն ես շատ ընտանիքներ գիտեմ, մէկ հատը իմ տիկնոջս եղբայրն է, Տուպայ կ՛աշխատէր, ինքը տակաւին Տուպայ կ՛աշխատի, բայց ընտանիքը հոս տուն գնեց, երեք զաւակ ունի, հոս հաստատուեցաւ մէկուկէս տարի է, եւ շատ գոհ են։ Այս պարագային ինքը հոն կը շահի, հոս կը ծախսէ կոր, բայց նաեւ մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ, որ երիտասարդութեան հոգ տանինք, այսինքն քաջալերելի երեւոյթ է, ի մասնաւորի այս պատերազմէն ետքը, այս խօսքը որ կու գայ գոնէ Միջին Արեւելքի երկիրներէն, Հայաստանի մէջ մնայ եւ Հայաստան զարգանայ։ Երիտասարդական շարժումներու նկատմամբ մենք ՀԵԸ-ը, այսինքն՝ ասկէ 40-ական, 50-ական թուականներուն Նաւասարդեան խաղեր սկսանք կազմակերպել։ Ասիկա կարեւոր բան է, միութեան մէջը Բարեգործականը, երիտասարդութիւնը, իր բոլոր երկիրներուն մէջ ամէն չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէ։ Լիբանանով սկսանք, առաջին 9 հատը Լիբանան եղաւ։ Քաղաքացիական պատերազմէն ետք 75-էն սկսաւ զանազան երկիրներ ըլլալ, այսինքն Կիպրոս, Յունաստան, Ֆրանսա, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Ամերիկա, Լոս Անճելըս եւ այլն։ Եւ ասիկա կը շարունակուի, ասոր զուգահեռ այնպիսի ձեւով դրութիւն մը ստեղծեցինք, որ չխաչաձեւէ մեր Նաւասարդեան խաղերը, համաբարեգործականի երիտասարդական շարժումները, որ քով քովի կու գան մարզական խաղերու շուրջ, համահայկական խաղեր են։ Որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը նաեւ մասնակցի ամէն չորս տարին անգամ մը համահայկական խաղերուն եւ մենք հոս համահայկական կեդրոնական մարմինին մէջ անշուշտ զանազան անդամներ ունինք, իսկ ՀԵԸ-ի պարագային Պրն. Շահան Սեմերճեանը ինքն է, որ մեր ներկայացուցիչն է։