17-ամեայ Աղջկայ Նպաստը՝ Կապանի Բուժաշխատողներուն. բարեգործութիւնը սահմաններ չունի
1 րոպեի ընթերցում
![17-ամեայ Աղջկայ Նպաստը՝ Կապանի Բուժաշխատողներուն. բարեգործութիւնը սահմաններ չունի](http://armenpress.am/resized/480/static/news/b/2020/04/1012351.jpg)
ԵՐԵՎԱՆ, 16 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ԶԱՐԹՕՆՔ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող, արմատներով կապանցի 17-ամեայ Էլենա Հայրապետեան՝ կարեւոր համարելով ու գնահատելով բուժաշխատողներու ամենօրեայ ջանքերն ու նուիրումը «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած քայլերուն գծով, փափաքած է իր համեստ ներդրումը ունենալ՝ իբրեւ շնորհակալութիւն։
Այդ նպատակով՝ Էլենա Հայրապետ 50-ական ԱՄՆ տոլար ուղարկած է Կապանի բժշկական կեդրոնի վարակաբանական բաժանմունքի 9 բուժաշխատողի, որոնք այս օրերուն կ՝աշխատին գերծանրաբեռնուած եւ յաճախ վտանգաւոր պայմաններու մէջ։
Կապանի համայնքապետարանը եւ Կապանի բժշկական կեդրոնը՝ համայնքապետարանի Facebook-ի էջին միջոցով՝ շնորհակալութիւն յայտնած են Էլենա Հայրապետեանին՝ նման նախաձեռնութեան, համայնքին սատար կանգնելու եւ բարի կամք դրսեւորելու համար։ Կը նշուի նաեւ, որ ասիկա 17-ամեայ աղջկայ երկրորդ բարեգործութիւնն է՝ ի նպաստ Կապան համայնքի։