Սփյուռք

Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան նոր նախագահն է Թոմա Տէվէճեան

3 րոպեի ընթերցում

Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան նոր նախագահն է Թոմա Տէվէճեան

ԵՐԵՎԱՆ, 16 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ։ Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան (Association du Collège Arménien de Sèvres) հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ Փաթրիք Տէվէճեանի մահէն ետք՝ Ընկերակցութիւնը համաձայն իր կանոնագրութեան՝ Ապրիլ 11-ին ընտրած է իր նոր նախագահը, յանձին՝ Թոմա Տէվէճեանի։

Փաթրիք Տէվէճեանի անդրանիկ որդին՝ Թոմա Տէվէճեան ծնած է 1971-ին. Տնտեսական բարձրագոյն ուսմանց դպրոցէն եւ Փարիզի Քաղաքական գիտութիւններու հիմնարկէն (Sciences-Po) շրջանաւարտ է, նաեւ Վարչարարական ազգային դպրոցի (ENA) նախկին սան։ Մետաղագործութեան եւ հանքագործութեան «Էռամէ» խումբի ընդհ. տնօրէնի տեղակալն է։

Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան միւս անդամները կը պահպանեն իրենց նախկին պաշտօնները.- Ալէն Մարսըրու՝ փոխնախագահ, Ժոզէֆ Ուղուրլեան՝ գանձապահ, Ռընէ Ծակոյեան՝ քարտուղար, Լիլիան Շիւքիւրեան եւ Ալեքսանտր Գույումճեան՝ իրաւական խորհրդականներ, Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեան՝ գիտական խորհրդական, Սերժ Անուշեան, Արիս Ադամեան, Լեւոն Փափազեան՝ թէքնիք խորհրդականներ։

Այս ընտրութենէն ետք Վարչութիւնը որոշած է շարունակել Փաթրիք Տէվէճեանի նախագահութեան օրօք ծրագրուած՝ Սեւրի վարժարանի վերանորոգման եւ վերականգնումի գործը՝ մշակութային համալիրի մը ստեղծումով, որ պիտի ընդգրկէ դպրոց մը ուր կը դասաւանդուի Հայոց լեզու, մշակոյթ ու պատմութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած դիւաններու եւ վաւերագրերու կեդրոն մը՝ Ցեղասպանութեան ուսուցումը տարածելու համար կրթական, ակադեմական եւ լրասփիւռային շրջանակներուն մէջ, թուային արհեստագիտութեանց Երեւանի ԹՈՒՄՕ-ի օրինակով՝երիտասարդներու պատրաստութեան համար համակարգչային կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ ուսանողական ոստան մը աշխարհի չորս կողմերէն հայ երիտասարդներ ընդունելու համար։ Համալիրի ծրագրին մէջ նախատեսուած է նաեւ բազմանպատակ սրահ մը, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ մշակութային եւ բարեսիրական ձեռնարկներու կազմակերպման համար։

Վարչութիւնը եւ անոր նախագահը ջերմօրէն իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք ցաւակցեցան իրենց նախկին նախագահին մահուան առթիւ։

«Փաթրիք Տէվէճեանի համար Սեւրի ծրագրին իրագործումը՝ ապագայ սերունդներուն նկատմամբ պարտականութիւն մըն էր։ Իր մահէն ետք ալ՝ այդ իրագործումը կը շարունակէ մնալ յիշողութեան պարտականութիւն մը», տողերով կ՚աւարտի Սեւրի հայկական վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան Ապրիլ 11 թուակիր հաղորդագրութիւնը։

AREMNPRESS

Հայաստան, Երևան, 0002, Մարտիրոս Սարյան 22

+374 11 539818
contact@armenpress.am
fbtelegramyoutubexinstagramtiktokdzenspotify

Ցանկացած նյութի ամբողջական կամ մասնակի վերարտադրման համար անհրաժեշտ է «Արմենպրես» լրատվական գործակալության գրավոր թույլտվությունը

© 2024 ARMENPRESS

Ստեղծվել է՝ MATEMAT-ում