Սփյուռք

«ԱԶԴԱԿ»-ի Յաւելուածներն Ու Բացառիկները՝ Թուայնացուած

2 րոպեի ընթերցում

«ԱԶԴԱԿ»-ի Յաւելուածներն Ու Բացառիկները՝ Թուայնացուած

ԲԵՅՐՈՒԹ, 10 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ԱԶԴԱԿ։ «Ազդակ» իր հրատարակութեան առաջին շրջանէն իսկ տարբեր առիթներու եւ յոբելինական նշանակութիւն ունեցող տարեթիւերու հրատարակած է յաւելուածներ բացառիկներ։ «Ազդակ»-ի արխիւներուն մէջ պահուող այդ հրատարակութիւնները, որոնց բովանդակութիւնը հիմնականին մէջ յօդուածագրական եւ ուսումնասիրական է շրջան առ շրջան թուայնեցուեցան։

«Ազդակ»-ի յարկին տակ գործող Ժ․Պուտագեան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի այս աշխատաքնով կը համլարուի «Ազդակ»-ի օրաթերթային յաւելուածական թէ բացառիկի ձեւաչափով լոյս տեսած հրատարակութիւններու թուանշային հաւաքածոն։ Կը մնայ թուայնացնել նաեւ «Ազդակ»-ի կողմէ հիմնականին մէջ իբրեւ թերթօններ լոյս տեսած գիրքերն ու «Ազդակ»-ի նիւթերուն եւ յօդուածաշրքերու հիման վրայ կազմուած հրատարակութիւնները։ Բացառիկներու թուայնացման գործին կարեւոր նապստ ունեցաւ «Ազդակ»-ի աշխատակից Մելքոն Տէմիրճեանի պատրաստած մատենագիտական ուսումնասիրութիւնը՝ ապրիլեան բացառիկներուն (1999-2016)։

Տասնամեակներու վրայ երկարող ժամանակաշրջան ընդգրկող «Ազդակ»-ի Բացառիկները անսպառ աղբիւր են ինչպէս գաղափարական յօդուածագրութեան այնպէս նաեւ Հայ Դատի տասնամեակնգրու վրայ կատարուած աշխատաքներու վերլուծման, եւ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթին։

ԱԶԴԱԿ/ԼԻԲԱՆԱՆ

AREMNPRESS

Հայաստան, Երևան, 0002, Մարտիրոս Սարյան 22

+374 11 539818
contact@armenpress.am
fbtelegramyoutubexinstagramtiktokdzenspotify

Ցանկացած նյութի ամբողջական կամ մասնակի վերարտադրման համար անհրաժեշտ է «Արմենպրես» լրատվական գործակալության գրավոր թույլտվությունը

© 2024 ARMENPRESS

Ստեղծվել է՝ MATEMAT-ում