Գործընկերների լուրեր

Լոքման Սլիմ. Ազատ Խօսքի Նոր Նահատակ. ՌԱԿ Խստիւ Կը Դատապարտէ Գործուած Ոճիրը

2 րոպեի ընթերցում

Լոքման Սլիմ. Ազատ Խօսքի Նոր Նահատակ. ՌԱԿ Խստիւ Կը Դատապարտէ Գործուած Ոճիրը

ԲԵՅՐՈՒԹ, 5 ՓԵՏՐՎԱՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐԻ ԼՈՒՐԵՐ։ Երէկ առաւօտ Լիբանան արթնցաւ ահաբեկչական նոր ոճիրի մը լուրով: Սպաննուած էր բանասէր, գրող եւ քաղաքական աշխոյժ աքթիւիստ Լոքման Սլիմը, որ ծանօթ էր իր համարձակ եւ քաջ քննադատութիւններով՝ Լիբանանի գերիշխանութեան ու անոր դեմոկրատական եւ ազատական համակարգին սպառնացող տեղական, թէ շրջանային կողմերուն եւ երեւոյթներուն հանդէպ:

Հիմնուելով մեր կուսակցութեան գաղափարական հիմքը հանդիսացող՝ ազատ խօսքի եւ բազմակարծութեան մարդկային անսակարկելի իրաւունքի դաւանանքին վրայ, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնս խստիւ կը դատապարտէ անարգ պատահարը: Իր կեցուածքներուն պատճառով մշտական սպառնալիքի ենթակայ Սլիմ երէկ հանդիսացաւ ազատ խօսքի նոր նահատակը Լիբանանի մէջ:

Մենք կը հաւատանք, որ նման անարգ ոճիրներով ընդդիմադիր ձայն մը լռեցնելը կամ այս միջոցաւ այլոց ալ նամակներ հասցնելու ձեւը վախկոտներու յատուկ պահուածք է: Այս բանը, ո՛չ մէկ լաւ արդիւնքի կրնան ծառայել:

Լիբանանի ամէնազգայուն մէկ ժամանակաշրջանին ընթացքին պատահածը լաւատեսութեան չի մղեր, ինչպէս նաեւ իր ծանր անդրադարձը կրնայ ունենալ Լիբանանի արդէն իսկ դիւրաբեկ կացութեան վրայ:

Առ այս, կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի ապահովական պատկան մարմիններուն անյապաղ յայտնաբերելու սոյն անարգ ոճիրին հեղինակներն ու անոնց ետին կանգնողները, նամանաւանդ որ զոհը բազմիցս դիմած էր պատկան մարմիններուն՝ իր եւ իր ընտանիքին կեանքին սպառնացող վտանգը ազդարարելով:

Վերջապէս, մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Լոքման Սլիմի ընտանիքին եւ բոլոր ազատատենչ լիբանանցիներուն:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

AREMNPRESS

Հայաստան, Երևան, 0001, Աբովյան 9

+374 10 539818
[email protected]
fbtelegramyoutubexinstagramtiktokdzenspotify

Ցանկացած նյութի ամբողջական կամ մասնակի վերարտադրման համար անհրաժեշտ է «Արմենպրես» լրատվական գործակալության գրավոր թույլտվությունը

© 2026 ARMENPRESS

Ստեղծվել է՝ MATEMAT-ում