«Հայաստանի Հանրապետություն» օրաթերթ. Համաճարակը եւ մենք

Armenpress 09:52, 10 Ապրիլ, 2020

ԵՐԵՎԱՆ, 10 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: «Արվեստագետ, դոկտոր Մովսէս Ս. Հերկելեանը (Պէյրութ) գրում է. «Բոլոր պարագաներուն համաճարակներու պատմութիւնը լեցուն է աղէտաբեր հետեւանքներով, նաև՝ հոգեբանական առումով: Դեռևս մօտիկ անցեալին, Եղեռնէն ետք, Հայաստանի անկախութեան օրերուն իսկ, հայրենի ժողովուրդը դիմագրաւեց «թիֆոյիտ»ի մահաբեր ու համատարած համաճարակ մը, որուն զոհ գնաց նաեւ Արամ Մանուկեանի նման հերոս մը: Իսկ  մուսալեռցիք երբ եկան ու հաստատուեցան Այնճար, տարածաշրջանի ճախճախուտ ու վատառողջ մթնոլորտի հետեւանքով բռնուեցան «մալարեայ»ի սարսափելի համաճարակին, որուն վտանգը այնքան մեծ էր, որ մեր ծնողները կը վկայեն թէ կը պատահէր որ օրական տասնեակներով մարդ կը թաղէին: Այն ատեն չկային պէտք եղած բուժման կեդրոններն ու դեղամիջոցները եւ այդ պատճառով ալ «թիֆոյիտ»ն ու «մալարեան» շատ աւելի խոցելի էին քան՝ մերօրեայ «քորոնա» կոչուածը: Երկու պարագաներուն ալ թէեւ բազմաթիւ զոհեր եղան, սակայն ժամանակը իր դերը կատարեց, ժողովուրդը կազդուրուեցաւ ու գոյատեւեց: Կ՚ըսեն թէ այս մէկն ալ վաղ թէ ուշ պիտի մարի, սակայն կը շահի այն հասարակութիւնը որ առանց խուճապի կը դիմագրաւէ կացութիւնը եւ նուազագոյն զոհերով դուրս կու գայ միջազգային տարողութիւն ստացած այս աղէտէն:

Հայաստանը (ինչ որ տեղ նաև Լիբանանը), այսօր իրենց կազմակերպուածութեամբ աւելի լաւ պաշտպանուած կը թուին ըլլալ, քան՝ եւրոպական շարք մը երկիրներ»»:

                     Նյութն ամբողջությամբ կարդացեք թերթի այսօրվա համարում:



Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am