ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը կը դատապարտէ ազերիական յարձակումը զորակցելով Արցախի ժողովդուրդին եւ բանակին

21:42, 27 Սեպտեմբեր, 2020
21:18, 27 Սեպտեմբեր, 2020
ԵՐԵՎԱՆ (ԲԵՅՐՈՒԹ) 27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Համայն հայութիւնը տագնապալից պահեր կ՝ապրի այս ժամերուն, հայկական դիրքերու վրայ ազերիական
անակնկալ յարձակումին պատճառով: Վստահ ենք, որ մեր քաջարի բանակը պիտի յաջողի ետ շպրտել
թշնամին եւ լիարժէք պատասխան տալ անոր ծաւալապաշտական արկածախնդրութիւններուն:
Այս առիթով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Արցախի ժողովուրդին
ինքնորոշման իրաւունքին, հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին աւանդական իր զօրակցութիւնը:
Մեր խորազգած ցաւակցութիւնը հայրենիքի  հողին պաշտպանութեան ի խնդիր ինկած քաջարի
նահատակներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն: Ոչ ոք կրնայ մոռնալ հայրենիքի համար իրենց գերագոյնը
զոհելու անոնց անսակարկ նուիրումն ու խիզախութիւնը:
Արցախը կը պատկանի հայ ժողովուրդին եւ պիտի մնայ հայ ժողովուրդին, Թուրք-ազերիական բոլոր
սադրանքները դատապարտուած են ձախողութեան:
Բիւր յարգանք հայրենիքի  բոլոր նահատակներուն եւ անոր սահմաններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող
մեր քաջարի բանակին:
ՀԵԸ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

© 2009 ARMENPRESS.am