Երևանում՝ 11:07,   18 Ապրիլ 2024

Օնտարիոյի վարչապետն այցելել է Տորոնտոյի Հայ կենտրոն

Օնտարիոյի վարչապետն այցելել է Տորոնտոյի Հայ կենտրոն

ԵՐԵՎԱՆ, 13 ՀՈՒՆՎԱՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Կանադայի Օնտարիո նահանգի վարչապետ Դագ Ֆորդն այցելել է Տորոնտոյի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի եւ Հայ կենտրոն։ Այս մասին «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին Օնտարիոյի Օրենսդիր ժողովի պատգամավոր Արիս Պապիկյանի գրասենյակից՝ հավելելով. «Եկեղեցւոյ մուտքին վարչապետին դիմաւորութեան ներկայ էին  Օնթարիօ նահանգի Սքարպորո-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան  Արիս Պապիկեան,Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովիւ գերյ. Հ. Եղիա Ծ.վրդ. Գիրէջեան, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչ Վարդան Գասպարեան , Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Տիգրան Գալայճեան:

Վարչապետին դիմաւորութեան ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վան (Վարուժան) Լափոյեան, դաշնակցային երեսփոխան Պապ Սարօյա, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Վինսընթ Քը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Գասապեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Նորայր Պէրպէրեան, «Ս.Թեհլիրեան» կոմիտէութեան  ներկայացուցիչ Սեւակ Գիւփելեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան, Պոլսահայ Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչը, Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Միութեան ներկայացուցիչ Անի Հասըրճեան , Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան ատենապետ Կարօ Քըլըպօզեան, Ռայըրսըն համալսարանի երիտասարդաց միութեան ատենապետ Դաւիդ Շահինեան, Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան ատենապետ Սերոբ Վեսոյեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ատենապետ Միհրան Եկաւեան, Սառա Գորնինկ Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի ներկայացուցիչ Վաչէ Իսկէճեան եւ Հայ Գործարարներու Միութեան ատենապետ Յովսէփ Սերայտարեան:

Օնթարիօ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտ եւ ներկաները ուղղուեցան եկեղեցի։ Հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, ողջունեց վարչապետ՝ Տակ Ֆորտը, եւ ներկաները  միասին արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը: Հայր Գե­ղարդ Ծ. Վար­դ. Քիւս­պէ­քեան շնորհաւորեց վարչապետ  Տակ Ֆորտը  Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթներով, ապա իր բարի գալուստի խօսքին մէջ փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի բարեմաղթութիւնները եւ Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ոսկեզոծ խաչ նուիրեց վարչապետին։ Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ  երեսփոխան Արիս Պապիկեան  հակիրճ ձեւով ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմականը: Ապա, Օնթարիօ նահանգի վարչապետ  Տակ Ֆորտ  խօսք առնելով` նախ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Վարչապետը հանդիպում ունեցաւ զանազան միութիւններու, առեւտրականներու, գործարարներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Շարունակելով այցելութիւնը, վարչապետ  Տակ Ֆորտ  այցելեց  կեդրոնի գրադարանը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Երեսփոխան Արիս Պապիկեան իր  խօսքին մէջ  նշեց, որ  Գանատայի հայ համայնքը  միշտ կառչած մնացած  է իր հոգեւոր արժէքներուն, աշխատասէր է  եւ  իր ընտանիքը ամէն ինչ  է վեր դասած: Ապա ան հրաւիրեց վարչապետ Տակ Ֆորտը` իր սրտի խօսքը յղելու:

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծեց, որ այս հանդիպումը շահեկան էր: Ան վեր առաւ Գանատայի հայ համայնքին արժէքները, որոնք կը համընկնին արդի կառավարութեան արժէքներուն հետ, եւ թէ հայ համայնքը իր  որոշիչ դերը ունի Օնթարիօ նահանգին մէջ: Յաւելեալ կորով ու նոր յաջողութիւններ մաղթեց գաղութին` հաստատելով, որ սոյն ներուժին կարիքը ունի Օնթարիօն ու վստահ է, որ այս աշխուժ համայնքը իր բոլոր կարողութիւնները կը տրամադրէ Գանատայի»։

 


Բաժանորդագրվեք մեր ալիքին Telegram-ում






youtube

AIM banner Website Ad Banner.jpg (235 KB)

Բոլոր նորությունները    


Digital-Card---250x295.jpg (26 KB)

12.png (9 KB)

Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ [email protected]