Երևանում՝ 11:07,   25 Ապրիլ 2024

«Լիբանանյան ուժեր» կուսակցությունը կազմակերպել է Հայոց ցեղասպանութեան 102- րդ տարելիցի ոգեկոչում

«Լիբանանյան ուժեր» կուսակցությունը կազմակերպել է Հայոց ցեղասպանութեան 102-
րդ տարելիցի ոգեկոչում

ԲԵՅՐՈՒԹ , 24 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: «Լիբանանյան ուժեր» կուսակցությունը Մեհրաբում ապրիլի 24-ին կազմակերպել է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի ոգեկոչում։

«Արմենպրես»-ի Լիբանանի թղթակիցը հաղորդում է. «Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կանանց հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան, Աթեֆ Մաժտալանի եւ Նաժի Ղարիոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, զինուորականներ եւ լրագրողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումը սկսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած պատկերասփռուած պատգամով:

Ան ըսաւ, որ հայու վերածնունդը սկսած է Լիբանանի մէջ: Այս պատճառով ալ Լիբանան իր յատուկ տեղն ու դերը ունի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայորդիներուն սրտին մէջ: Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ա՛յս է մեր ճանչցած Լիբանանը. ա՛յս է լիբանանահայերուն հաւատամքը, հետեւաբար պէտք չէ կորսնցնենք Լիբանանի լիբանանականութիւնը, այլ պէտք է պաշտպանենք այս երկրի արժէքները, ժառանգութիւնը, սկզբունքները եւ տեսիլքը, որոնք լիբանանեան ինքնութեան իւրայատկութիւնը կը հանդիսանան: Ապրիլ 24-ը հրաւէր է, այլ խօսքով մարտահրաւէր` վերջնական ու յստակ որոշում կայացնելու,  արդարութիւնը, մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ա՛յս  է ապրիլ 24-ի պատգամը»:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ Ռիշար Գույումճեան, որ յայտնեց, թէ երրորդ տարին ըլլալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու աւանդը:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տագէսեան իր խօսքով զուգահեռներ գծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ 6 մայիս 1916-ի լիբանանցի նահատակներուն միջեւ` հաստատելով, որ երկուքին պարագային ալ դահիճը եղած է նոյնը` Օսմանեան կայսրութիւնը, յատկապէս պատասխանատու նկատելով Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը:

ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ս. Գալփաքեան կարդաց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Աշխատեցէ՛ք, կործանեցէ՛ք այս ցեղը…» գրութեան արաբերէն թարգմանութիւնը:  

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, թէ ինք հպարտ կը զգայ Մեհրապ գտնուելուն համար` նկատի ունենալով, որ ազատութեան, արդարութեան եւ արժանապատուութեան համար մղուած պայքարը մէկ է` անիրաւութեան եւ անիրաւողին դէմ արդարութիւն պարտադրելու համար:

«Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով կը հաստատենք, որ եթէ այդ Ցեղասպանութիւնը ծրագրող պատասխանատուները պատժուէին, ապա Հիթլեր պիտի չյանդգնէր ցեղասպանութիւն գործել, ինչպէս որ Շարոն, Նեթանիահու եւ սիոնական ջարդարարներ ցեղասպանութիւններ եւ սպանդներ պիտի չհամարձակէին գործել` Պաղեստինեան հողերուն եւ Լիբանանի մէջ, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները պիտի չպատահէին, ոչ ալ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին մէջ հաւատադրժողականներուն կողմէ վայրագութիւն եւ սպանդ պիտի արձանագրուէր:

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Ա. քարտուղար Միտհաթ Շեւքեթի հետ զրոյցի մը ընթացքին բժիշկ Ռեշիտ հոճա հայոց մասին ըսած է. «Հակառակ անոր որ ես բժիշկ եմ, չեմ կրնար աչք խփել թրքական իմ ազգութեանս: Ես այս աշխարհը իբրեւ թուրք եկած եմ. անոնք միջատներ են, եւ արդեօք բժիշկին պարտականութիւնը չէ՞ միջատները սպաննել: Իսկ ինչ կը վերաբերի պատմական պատասխանատուութեան, ապա զիս բնաւ չի հետաքրքրեր, թէ պատմաբաններ իմ մասիս ի՛նչ պիտի գրեն»:

Մենք` ոճիրի զոհերս, Ցեղասպանութեան զոհերս, միջազգային լռութեան զոհերս, ժողովրդավարութեան, պետութիւններու փոխադարձ շահերու զոհերս հաւաքուած ենք: Այդ պետութիւնները արդարութեան, մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին քարոզելով կը շարունակեն տիրել, սպաննել, եւ արտօնել օտարին, որ սպանդներ ու բռնարարքներ գործէ ժողովուրդներուն դէմ, որոնց «յանցանքները» կը նկատուին իրենց ինքնութիւնը չուրանալու, ուրիշը յարգելու, մարդկութեան եւ արդարութեան յաղթանակին հանդէպ հաւատքը պահելու արժանիքները:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու բոլոր անոնց, որոնք ուզեցին ցեղասպանութեան եւ նախճիրներով արմատական լուծում գտնել եւ իրականացնել թուրանական բռնատիրական երազը, թէ անոնց երազը կարելի չէ եղած իրականացնել, որովհետեւ այդ ժողովուրդները, եւ այդ ժողովուրդներուն թոռները տակաւին կը գոռան. մենք կանք եւ հոս ալ պիտի մնանք:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու` կանխարգիլելու նպատակով:

Մեր ներկայութիւնը հոս` լիբանանցիներուն կողքին, կը վկայէ, թէ ժողովուրդները կը շարունակեն գոյատեւել իրենց անմեղ նահատակներուն շնորհիւ, իրենց հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներուն պատմութիւնը պէտք է ըլլայ արդարութեան ի խնդիր անոնց մղած պայքարին առանցքը:

Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ իր պատասխանատուութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք արդարութիւն պարտադրել եւ մարդկային, հողային, քաղաքական ու նիւթական հատուցում կատարել: Իսկ այն պետութիւններուն, որոնք կը սպասեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յարմար պայմաններուն, կ՛ըսենք. «Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականութիւն է, այդ պետութիւնները ճանչնան զայն, թէ ոչ: Ցեղասպանութիւնը պատմական եւ քաղաքական իրականութիւն է, որ անվիճելի է եւ ուսումնասիրութիւններու, բանակցութիւններու եւ վերլուծումներու կարիք չունի»:

Այս տեսանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրները, ի մասնաւորի Թուրքիան, պատասխանատու են վերաշխուժացնելու իրենց ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը եւ առիթ ստեղծելու, որ անոնք իրենց պատմութեան եւ անցեալին հետ հաշտուին: Մեր` հայոց, ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ արաբներուն յիշած Ցեղասպանութիւնն ու ոճիրները չեն կրկնուիր միայն այն ատեն, երբ ոճրագործներն ու դահիճները կը պատժուին ու կը հատուցեն իրենց զոհերուն:

Ոճիրին նկատմամբ լուռ մնալը ինքնին ոճիր մըն է:

Մենք հաւաքուած ենք հարց տալու, որ ինչո՞ւ լիբանանեան պետութիւնը չէ համարձակած 24 ապրիլը` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, մեր` լիբանանցի քաղաքացիներուս պապերուն յիշատակի սգատօնին առիթով, մեզի զօրակցիլ եւ 24 ապրիլը պաշտօնական սգատօնի օր նշանակել:

Հին նահատակներուն յիշատակի մոռացութիւնը չ՛երաշխաւորեր նորերուն յիշատակի յարգումը:

Մենք կը հպարտանանք Լիբանանով` իբրեւ համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան ու համակեցութեան երկիր:

Իսկական համերաշխութիւնը կը սկսի ուրիշը յարգելով, յատկապէս նահատակին յիշատակը յարգելով: Իսկական համակեցութիւնը բոլորին տածած յարգանքն է` բոլորին նահատակներուն:

Մենք որոշած ենք ապրիլ եւ պայքարը շարունակել:

Մենք պայքարը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ ոճիրները պիտի շարունակուին եւ ոճրագործը պիտի մնայ լուռ, առանց ճանչնալու իր գործած սխալը». Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի ազգերէն է, որովհետեւ անիկա պահեց իր լեզուն եւ ինքնութիւնը, հակառակ անոր որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր բռնի կերպով դուրս դրուած է իր հողերէն, մինչ լիբանանցի երիտասարդները լոկ քանի մը տարի իրենց երկրէն դուրս ապրելով երբեմն կ՛ուրանան իրենց ինքնութիւնը, կը մոռնան լեզուն, կ՛անտեսեն մշակոյթը: Անոր համաձայն, հայերը յարգանքի արժանի են, որովհետեւ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներուն, հերոսներուն, մինչ լիբանանցիները նոյնը չըրին, հայերը արժանի են գնահատանքի, որովհետեւ վառ պահեցին իրենց դատը եւ կը հաւատան, որ օր մը անպայման անոր արդար լուծման պիտի հասնին: Սամիր Ժահժահ վկայեց, որ հայերը լիբանանեան պետութեան ամէնէն աւելի տուած եւ նուազագոյնը ստացած քաղաքացիներն են, որոնք միշտ եղան խաղաղարար, օրինապահ, տիպար քաղաքացիութեան օրինակներ` հաստատելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի առաջին կարգի քաղաքացի բնորոշել ինքզինք` այլ քաղաքացիներ երկրորդական նկատելով:

Ժահժահ իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ եթէ Հայաստան հանդիպման վայրն է, Լիբանանը պայքարի երկիրն է: «Մենք կը պայքարինք, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատութեան եւ մարդկութեան հողաշերտ մը: Կը պայքարինք, որպէսզի արդարութիւնը իրականանայ, հակառակ բոլոր արգելքներուն, եւ կը կրկնենք Արամ Ա. կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքերը. «Ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին հանդէպ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ` տեսլական, մանաւանդ եթէ ազգը յանձնառու է իր հոգեւոր, մշակութային, օրինական եւ քաղաքական պայքարին ի խնդիր իր օրինական իրաւունքներուն»:

Այս առիթով 24 լիբանանցի գեղանկարիչներ Մեհրապի մուտքին կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը, որ պարունակեց 24 պաստառներ, որոնք կը պատկերէին Հայոց ցեղասպանութիւնը լիբանանցի գեղանկարիչներուն դիտանկիւնէն մեկնելով»:


Բաժանորդագրվեք մեր ալիքին Telegram-ում






youtube

AIM banner Website Ad Banner.jpg (235 KB)

Բոլոր նորությունները    


Digital-Card---250x295.jpg (26 KB)

12.png (9 KB)

Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am