Երևանում՝ 11:07,   19 Ապրիլ 2024

Ուշացած  շնորհակալութիւն

Ուշացած  շնորհակալութիւն

ԵՐԵՎԱՆ, 6 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Տագնապ  կ'ապրի  աշխարհը: Մարդկութիւնը գոյապայքար կը մղէ խորհրդաւոր եւ դաժան  ժահրի մը դէմ: Անոր աւերներուն առջեւ  անզօր մնացած է  արհեստագիտական նուաճումներով   յոխորտացող  քաղաքակրթութիւնը:

Բոլորս ակամայ  բանտարկեալ  դարձած  ենք  մեր  բնակարաններուն մէջ: Սոսկումով կը հետեւինք պսակաւոր ժահրի  գիշատիչ ճանկերուն մէջ ինկող մահացութեան  ամէնօրեայ  թիւերուն: Դադրած են օդային,  ցամաքային, ծովային   հաղորդակցութիւնները: Կղզիացած է աշխարհը, մարդկութիւնը:  Համայն աշխարհ  դարձած է  պսակաւոր  ժահրին ողորմութեան գերին:

Աշխարհը  գլխիվայր  կարծէք  դարձած  ըլլար...:

Գութ կը հայցենք Բարձրեալէն՝ մոռնալով, որ   մենք՝  մարդն է  իր կողքի  մարդուն  ողբերգութեան  պատճառը...

Հոկտեմբեր ամիսէն ի վեր  տնտեսական, ընկերային  տագնապներու մէջ խրած   լիբանանցիներուն  հանապազօրեայ տուայտանքներուն վրայ  եկաւ աւելնալու անկանխատեսելին:

Հոկտեմբերի ընկերային պայթումը  ծանրակշիռ եւ անմիջական անդրադարձ ունեցաւ երկրին տնտեսութեան վրայ, վկայ՝ սնանկացող հաստատութիւնները, յարաճող գործազուրկներու բանակը,  արտագաղթող ընտանիքները:   Արտագաղթ դէպի ո՞ւր...:

Հեղձուցիչ օրերու նախախնամութեան տակ կ'ապրի Լիբանանցին եւ լիբանանահայութիւնը:

Արդէն քանի մը ամիսէ  դադրած են  բաբախել լիբանանահայ  առեւտրական, կրթական   հաստատութիւնները:   Ոմանք   վերջնականապէս փակած են իրենց դռները: Ուրիշներ  հազիւ  կը պահեն  իրենց գոյութիւնը:  Ապրուստի սղութիւնը  կը  խեղդէ  համեստ   օրապահիկով ապրող հայ ընտանիքները, ուր մնաց  դպրոցական, համալսարանական  կրթաթոշակները հոգալու  պարտաւորութիւնները, երբ  ընտանիքներու տէրեր հազիւ կամ  մասնակի  գանձեն   իրենց աշխատավարձը:  Չեմ խօսիր բժշկական  խնամատարութեան մասին...:  Յուսահատութեան, յուսալքումի մթնոլորտ մը  ծածկած է  Լիբանանի երկնակամարը: 

Այս բոլորը  թուղթին  կը յանձնեմ  իբրեւ հայ համայնքի   ճակատագիրով   մտահոգ  հայորդի: Այո՛, կ'ապրինք դժուար  օրեր, սակայն, ի  պատիւ մեր Եկեղեցիին,   ի դէմս հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու  մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, ապաւինելու ամուր  յենարան մը ունի   լիբանանահայ  ընտանիքը,  լիբանանահայութիւնը:

Պարզ  դատողութեամբ, ինչպէս որեւէ համաճարակ, պսակաւոր ժահրը ենթադրաբար եւ շատ հաւանաբար առաջին հերթին պիտի հարուածէր անկարներուն, անպատսպառներուն, կարօտեալներուն եւ այս իմաստով, օրին  հաւանաբար  չանդրադարձանք, սակայն այսօր  պարտինք խոստովանիլ, որքան  իմաստուն եւ հեռատես քայլ  մըն էր՝ 2020-ը  «Յատուկ խնամքի կարօտ  հայորդիներու տարի»  յայտարարելու  Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին որոշումը:

Վեհափառին այս   շնորհաշատ քայլին հետեւեցան  Հայ աւետարանական եւ  Հայ կաթողիկէ համայնքները,  հայ  քաղաքական կուսակցութիւնները, ՀԲԸՄ-ը,  բարեսիրական,  մարզական, մշակութային կազմակերպութիւնները,Լիբանան գտնուող եւ Լիբանանով ապրող  մեր ազգային  բարերարները: Բազում  շնորհակալութիւն մեր բոլոր ազգայիններուն,   որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին  օգնութեան կոչերուն:

Շնորհիւ այս զօրաշարժին՝ սննդանիւթի, դեղորայքի, նիւթական, բժշկական  ծառայութիւններու դրութիւն մը  հաստատուեցաւ Լիբանանի  բոլոր շրջաններուն մէջ  բնակող  լիբանանահայ  կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անխտիր, առանց դաւանական ու   քաղաքական պատկանելիութեան:  Երախտաշատ աշխատանք սկսաւ  կատարել պսակաձեւ Ժահրի  կանխարգիլման եւ  տարածման դէմ  միջոցներ  որդեգրելու  նպատակով  կազմուած  ճգնաժամային  «Քորոնա» Շտապը, առաջնայնութիւնը տալով  հայ համայնքին առողջապահական անվտանգութեան:

Այս յանձնառու   կեցուածքը՝ ճգնաժամային այս պահուն,  կը թելադրէ մեր  ազգային  ինքնութեան սպառնացող վտանգները միասնաբար  դիմագրաւելու խորհուրդ մը՝ յանուն  հայապահպանութեան, առաւել եւս զարկ տալու Սփիւռքի մնացեալ համայնքներուն մէջ  լիբանանահայութեան   առանցքային դերակատարութեան:

Ուրբաթ երեկոյեան  բնակարանիս  զանգը կը հնչէ: Երիտասարդներ,   բարեւելէ ետք,    յայտնեցին, թէ  ՀՅԴ Գարեգին Նժդեհ ակումբին կողմէ կը  ներկայանային:  Հարցումներ ուղղեցին եւ  զանազան օժանդակութիւններու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:  Շաբաթ առաւօտեան   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընկերային  ծառայութեան գրասենեակէն նոյնանման  հարցումներ ուղղուեցան: Միեւնոյնը կրկնուեցաւ՝ ՀԿԲՄ-ի անունով: Բոլորն ալ  հետաքրքրուեցան,  թէ այլ  ընտանիքներ կը գտնուի՞ն շրջանին մէջ  կամ թէ ունի՞մ  կարօտեալ  ծանօթներ...: Այս բոլորին մէջ զիս  յուզողը  դրացի   բարեկամ հայուն հասնելու  ոգին է: Խնամքի եւ  օգնութեան կարօտ  հայորդիներուն հասնելու նախանձախնդրութիւնը:

Փութաջան աշխատանքի   լծուած են մեր  յարանուանութիւնները,    քաղաքական կուսակցութիւնները,  բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մամուլը, լսատեսողական աղբիւրները:  

Պահ մը  այս բոլորին մէջ  հարց  մը կը յառաջանայ մէջս.  իրապաշտ պիտի   ըլլանք, երէկի հայահոծ  համայնքը  չէ այլեւս Լիբանանի հայ համայնքը...: Ան  եւս կ'ապրի հայկական Սփիւռքին  բնորոշ  մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելով:

Ճիշդ է, որ  լիբանանահայութիւնը  կը նահանջէ  քանակով,  սակայն հաւատքի եւ  լաւատեսութեան  անփոխարինելի ոգին վառ  կը մնայ  անոր մէջ: Այդ  ոգիին  դրսեւորման ականատեսն  ենք այսօր բոլորս: Այս  ոգին  եւ   գիտակցութիւնն է, որ  վառ պահած  են ու  պիտի պահեն    լիբանանահայութիւնը:

Այո' դժբխատութիւններն ու ցաւը  կը միացնեն սրտերը,  քով-քովի կը  բերեն  մարդոց, հաւաքականութիւնները: Ահաւասիկ   միասնական  գործելաոճի  իսկական օրինակ մը: Այս  օրինակը  պարտինք  վառ պահել մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:  Չընկղմինք  գաւաթ  մը ջուրին մէջ: Իւրաքանչիւրս՝ կարողութեան եւ  կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրացնենք մեզ միացնող կամուրջները: Անկասկած  անհրաժեշտ է դասեր  քաղել  նեղ օրերու այս պատուաբեր  կեցուածքէն: Եթէ   այսօրը կը գիտակցինք, վաղուան  օրը  պարտինք շարունակել ծառայութեան եւ  գիտակցութեան այս ոգին: Շահողը բոլորս  պիտի  ըլլանք,  լիբանանահայութիւնը՝ անխտիր:

Պատիւ ու  յարգանք  Լիբանանահայութիւնը  կանգուն պահող բոլոր   կառոյցներուն, ազնիւ  հայորդիներուն:

 

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

«Էրեբունի» անկախ լրատուական կայքի (yerepouni-news.com) խմբագիր


Բաժանորդագրվեք մեր ալիքին Telegram-ում






youtube

AIM banner Website Ad Banner.jpg (235 KB)

Բոլոր նորությունները    


Digital-Card---250x295.jpg (26 KB)

12.png (9 KB)

Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ [email protected]