1000х90.jpg (78 KB)

Սիգարի HABANOS WORLD CHALLENGE մրցաշարում հաղթած հայ գործարարը ներկայացրել է տպավորությունները

Armenpress 15:15, 14 Մայիս, 2019

ԵՐԵՎԱՆ, 14 ՄԱՅԻՍԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: «Արմենպրես»-ի թղթակիցը Դուբայում հանդիպել և զրուցել է Կիպրոսում գործունեություն ծավալող հայտնի գործարար Րաֆֆի Տեր-Կարապետյանի հետ՝ ապագա ծրագրերի, Հայաստանի հետ կապված նախաձեռնությունների վերաբերյալ: Ներկայացնում ենք հարցազրույցը դասական ուղղագրությամբ:

«Ռաֆֆի Տէր Կարապետեանը նշանաւոր գործարար է Կիպրոսէն, ան հիմնադիր եւ տնօրէնն է ոսկիի, ադամանդի եւ ժամացոյցներու վաճառականային ընկերութեան, որը ունի իր ընտանիքի անդամներուն հետ զանազան մասնաճիւղներ եւ խանութներ, եւ իր շատ մը նախասիրութիւններու կողքին, ունի Սիկարի հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն: Ան մասնակցած է զանազան Սիկարի վերաբերող մրցաշարքներու, Տէր Կարապետեան անցեալ տարի մասնակցած է Սիկարի համտեսման մեծ ու պատկառելի միջազգային մրցանակի մը( HABANOS  WORLD CHALLENGE- 2018), որը տեղի կ՝ունենայ Քուպայի մէջ եւ կը համարուի աշխարհի լաւագոյն ճանչցուած մրցումնեէն մին: Ան իր ընկերոջ՝ Ալեքսիս Ցիլեփիսի հետ աշխարհի ախոյանութեան տիտղոսի համազօր այս կոչումը  նուաճած է, ներկայացնելով Կիպրոսը: Արմէնփրէսի մեր թղթակիցը հանդիպած է իրեն Տուպայի մէջ, ուր ան խօսած է իր գործունէութեան եւ Սիկարի մրցաշարքի իր նշմարելի յաղթանակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ իր ծրագիրներուն մասին:

Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել HABANOS  WORLD CHALLENGE մրցաշարքին մասին եւ ի՞նչպէս մասնակցեցաք անոր:

Ռաֆֆի Տէր Կարապետեան-Այս մրցաշարքը բաւական նշանաւոր է եւ ճանչցուած աշխաարհով եւ միշտ կը կայանան մեծ մաշտաբի մրցումներ այս անուան տակ: Ես եւ գործընկերս(որը նոյնպէս Սիկարի լաւ մասնագէտ է) Ալեքսիս Ցիլեփիս, դիմում ներկայացուցինք մասնակցութեան: Մասնակցութիւնը ունէր փուլեր, նախ Կիպրոսի մէջ զտումի մրցումներ կային, որոնցմէ ետք հասանք աւարական հանգրուանին Հաւանա, Քուպա: Բաւական ջանք, ժամանակ եւ ուսումնասիրութիւն պահանջուեցաւ մեզմէ պատրաստուելու, մեր ունեցած փորձարութեան եւ գիտելիքներու կողքին անհրաժեշտ էր նաեւ հաւելեալ ուսումնասիրութիւններ եւ ջանասիրութիւն, մեր ծրագրումով եւ փորձերով բաւական մեծ քանակի նոր եւ հին Սիկարնետու տեսականի փորձեցինք իբրեւ պատրաստութիւն, եւ իրապէս մեծ հաճոյք էր հասնիլ Քուպա եւ մասնակցիլ մրցաշարքին եւ յաղթող հանդիսանալ: Ի՞նչ էին ձեր զգացումները շահելով այս պատկառելի մրցանակը:

Շատ հպարտալից էր Սիկարի համտեսման աշխարհի ախոյեան ըլլալ եւ ներկայացնել Կիպրոսը, հոս կուզեմ ըսալ նաեւ որ մեր ընկերներուն աջակցութիւնը եւ քաջալերանքը գնահատելի էին եւ միաժամանակ յուզիչ ու յանձնարարեցնող: Յաղթանակեէն ետք լայն արձագանքներն ու շնորհաւորանքները շատ ազդեցիկ էին եւ երբ որ յայտարարուեցաւ որ աշխարհի ախոյեան ենք արդէն, անբացատրելի զգացում ապրեցանք, որը  ուղղակի սաւառնեցնող էր:

 

Ի՞նչքան դժուար էր մրցակցութիւնը, մանաւանդ որ Քուպայէն շատ երկու կին մասնագէտ-մասնակիցներէն կային:

Գիտէինք որ շատ դժուար մրցակցութիւն պիտի ըլլար աւարտականին եւ այդ մեզի ձեւով մը աւելի կեդրոնացում տուաւ: Կը հաւատայինք, որ մեր մեծ սէրն ու նուիրումը Սիկարի հանդէպ մեզի լիցք ու խթան պիտի տար, բոլոր մասնակիցներուն քով, եւ նոյնիսկ յաղթանակի յայտարարութենէն ետք, ընդհանուր մթնոլորտը սիրալիր էր եւ Քուպացի երկու նշանաւոր մրցակիցներն ալ (Տայլըն եւ Մայլի)համաձայն էին որ յաղթողներն ու պարտուողները հաւաքուած էին մէկ բացառիկ մթնոլորտի շուրջ, որ կը կոչուի սիկարի հանդէպ տարերք, ինչը ինքին մշակոյթ է եւ արուեստ, գոնէ մեզ՝հետեւողներուս եւ Սիկարի սիրահարներուն համար:

Ի՞նչպէս սկսաւ ձեր սէրը Սիկարի հանդէպ

Հօրեղբայրս մեծ ազդեցութիւն թողած է վրաս, ան Սիկար ծխող էր եւ բաւական բանիմնաց: Ես սկսայ ծխել 24 տարեկանիս նախ Ռօմէօ եւ Ճիւլիէթ Չըրչըլ, ետքը սկսայ շատ սիրել համեր փոխել, եւ ինծի համար ան վերածուեցաւ անձնական արարողութեան եւ հաճոյքի, յատուկ բան մը գտայ Սիկարին մէջ, անոր համին, հոտին ծխելու եւ գործածութեան ոճերուն մէջ եւ այդ ինծի մղեց, որ կամաց-կամաց կատարելագործեմ նախասիրութիւնս:

 

Մրցաշարքին լուրը մեծ տեղ գտած է միջազգային մամուլին մէջ, ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը:

Շատ հաճելի եւ նոյն ժամանակ խորքային զգացում տուաւ այդ, այո մեծ տարողութեանբ անդրադարձ եղաւ մրցաշարքին եւ մեր հետ կատարեցին շատ մը հարցազրոյցներ, կը զգայինք որ բաւական նշանաւոր ենք արդէն Քուպայի եւ Սիկարի աշխարհի մէջ:  Բայց ամենաշատը եւ հիմնականը մեզի համար, ինչպէս յիշեցի, ընդհանուր մթնոլորտն էր եւ կարծեմ հանդիսատէսներուն համար ալ հետաքրքրական պէտք է ըլլար այդ մէկը: Ի՞նչ մակարդակի գիտելիք  եւ փորձ պէտք է ունենայ որեւէ անձ, այսպիսի բարձրորակ մրցաշարքի մը մասնկակցելու:

Ռաֆֆի Տէր Կարապետեան- Կը կարծեմ լուրջ մասնագիտական հմտութիւն պէտք է ունենայ տուեալ անձը, օրինակ պէտք է իւրացնէ Սիկարի վերաբերող շատ մը գիտելիքներ փորձարականի կողքին՝ ինչպէս Սիրկարի հետ կապուած երկրագիտութիւնը, մշակման հանգրուանները, տերեւի տեսակաւորումը եւ ընտրութիւնը, պատրաստումը, տարիքաւորումը եւ արտադրութիւնը(փաթթումը, կեղեւացումը եւ կազմումը), 27 մակնիշներու պատմութեան հետ ծանօթ ըլլալը, անոնց պատմութիւնը, գործարանները, ատրադրանքի գիծերը, տեսականին, ձեւերը, յատուկ արտադրանքները...եւայլն: «Կոյր Համտեսումը» շատ մրցակցային է եւ կածեմ մենք ոգեղենական ալ ապրում մը ունինք անոր հետ կապուած:

 

Յաճախ կ՝այցելէ՞ք Հայաստան եւ ի՞նչ ծրագիրներ կրնաք ունենալ Հայաստանի հետ:

Երկու տարի առաջ այցելած եմ, եւ կը փափաքիմ նորէն այցելել, փոփոխութիւն կը տեսնեմ Հայաստանի մէջ եւ շատ լաւատէս եմ եւ խանդավառ: Կը հաւատամ Հայաստանի ապագային եւ մենք պէտք է միասնական ջանքերով աշխատինք զարգացնելու մեր երկիրը եւ նոր սերունդին ուժ տանք: Միշտ մօտ ու հեռու շրջապատիս խորհուրդ տուած եմ, թէ Թուրիստական եւ թէ ուրիշ առիթներով այցելել Հայաստան: Առաջարկներ կային Սիկարի կեդրոն բանալու Հայաստանի մէջ եւ այո կրնամ ըսել դրական տրամադրուած եմ այդ միտքին հետ:

 



Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am