1000х90.jpg (78 KB)

«Արմենպրես»-ի տնօրենը Բեյրութում ներկայացրել է ավանդական և ժամանակակից լրատվության առանձնահատկությունները

Armenpress 14:00, 10 Հուլիս, 2018

ԵՐԵՎԱՆ, 10 ՀՈՒԼԻՍԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: «Արմենպրես» լրատվական գործակալության տնօրեն Արամ Անանյանը Բեյրութում դասախոսություն է ունեցել «Ավանդական և նոր լրատվության հատման կետերը» թեմայով՝ ներկայացնելով իր ղեկավարած գործակալության աշխատանքներն ու դիմագրաված մարտահրավերները: Ներկայացնում ենք «Ազդակ» պարբերականի կայքում հրապարակված հոդվածն ամբողջությամբ.

«Երէկ` երկուշաբթի, 9 յուլիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 140-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան ներկայացուց «Աւանդական եւ նոր լրատուութեան հատման կէտեր» նիւթով դասախօսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան:  Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այսօրուան մամլոյ լսարանը առիթ է լուսարձակները սփռելու այս եզակի լրատուական գործակալութեան` «Արմէնփրես»-ի վրայ, որ ամէնէն հինն է Հայաստանի մէջ, հիմնադրուած է 18 դեկտեմբեր 1918-ին, Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդին որոշումով: Սկզբնապէս «Հայկական հեռագրական գործակալութիւն» անունը կրած «Արմէնփրես»-ի առաջին ղեկավարը եղած է աւելի ուշ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 4-րդ վարչապետը եղած Սիմոն Վրացեան: «Աշխարհաքաղաքական ծանր պայմաններու մէջ գտնուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քայլը` լրատուական գործակալութիւն ստեղծելու, ցոյց կու տայ, թէ այդ հանրապետութեան երախտաւորները որքան մեծ կարեւորութիւն տուած են այս բնագաւառին», ըսաւ Ժագ Յակոբեան:

Զեկուցումի առաջին բաժինով «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան ներկայացուց գործակալութեան հիմնական աշխատանքները, այսօրուան պայմաններուն մէջ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ «Արմէնփրես»-ը Հայաստանի ամէնէն հին լրատու գործակալութիւնն է, որ ներկայ դրութեամբ կը հրապարակէ տասնմէկ լրատուական ժապաւէն` պաշտօնական, քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մարզային, շրջանային, միջազգային, մշակութային, մարզական, հարցազրոյցներ եւ լուսանկարչական նորութիւններ:  «Արմէնփրես»-ի աշխատակիցները կը պահպանեն  գործակալութեան յառաջատար դերը հայաստանեան լրատուական դաշտին մէջ, եւ ամուր հիմքեր ստեղծուած են շրջանային եւ միջազգային լրատուական հարթակներուն վրայ` գործակալութեան ներկայութիւնը  ապահովելու եւ զարգացնելու առումով: Ան ընդգծեց յատկապէս, որ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակէ շուրջ 300 լուր հայերէնով, ռուսերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով` շեշտելով, որ «Արմէնփրես»-ի լրատուութիւններէն, բացի գործընկերներէ, կ՛օգտուին այնպիսի միջազգային հսկաներ, օրինակ` «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Պի. Պի. Սի.», «ՌԻԱ նովոսթի»-ն եւ այլն:

Ան յայտնեց, որ գործակալութիւնը աշխուժօրէն լուսաբանած եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, հակահարուած տուած է ազրպէյճանական քարոզչութեան, եղած է եւ կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, թրքական մերժողականութեան բացայայտման յառաջատար դիրքերու վրայ:

Խօսելով գործակալութեան մօտիկ անցեալին սկսած ծրագիրներուն մասին` Արամ Անանեան ըսաւ, թէ «Արմէնփրես»-ը դեկտեմբեր 2017-ին սկսած է իրականացնել լուսանկարչական լրատուութեան վերաբերեալ 10.000 լուսանկար թուայնացնելու ծրագիր:

Անդրադառնալով լրատուական դաշտի ներկայ իրավիճակին` Արամ Անանեան ընդգծեց. «Ժամանակակից լրատուութեան առումով, մենք որեւէ վտանգ չենք տեսներ աւանդական լրատուամիջոցներու համար, անոնք լաւագոյն ձեւով կ՛օգտագործեն արդի, ժամանակակից միջոցները իրենց լրատուութիւնը ճշգրիտ փոխանցելու համար: Այս իմաստով, յառաջատար լրատուամիջոցներու փորձը լաւագոյն փաստն է`  ընկերային ցանցերու եւ արհեստագիտութեան օգտագործման ձեւերը ոչ այնքան վտանգ են, որքան հնարաւորութիւն, տեղեկատուութիւնը տարածելու համար»:

Խօսելով տպագիր մամուլի ապագային մասին` Արամ Անանեան շեշտեց, որ ան համաձայն չէ այն յոռետեսական կարծիքներուն, որոնք կ՛ըսեն, թէ տպագիր մամուլը ապագայ չունի` ընդգծելով, որ իրական տպագիր մամուլը ապագայ ունի: Թէեւ տպաքանակի որոշ նուազում կայ բոլոր տպագիր հրատարակութիւններուն պարագային, սակայն, պէտք է այնպէս մը ընել, որ ընթերցողը իրեն հետաքրքրող հարցերուն վերաբերեալ պատասխանները փնտռէ տպագիրին մէջ: Այս բոլորը, առանց երբեք մոռնալու, որ տպագիրը պէտք է նաեւ ժամանակակից միջոցներու հետ քայլ պահէ («խելացի» հեռախօսի վրայ լուրերու տարածում, հանրութիւնը հետաքրքրող լուրեր եւ այլն):

Անանեան ըսաւ, թէ արհեստագիտութիւնը այնպէս մը զարգացած է, որ լրագրութիւնը այլեւս «ընկերային» մասնագիտութիւն չէ: Ժամանակակից լրատուութիւն սպառողը շատ աւելի պահանջկոտ է, քան նախկինը, եւ յաճախ կը նախընտրէ իրադարձութիւններու մասին ո՛չ միայն այլոց մեկնաբանութիւնները, որքան իրական, ուղղակի սփռումով լուսաբանուիլը:

Հարցումներու առիթ տալէ առաջ Արամ Անանեան կարեւոր նկատեց լիբանանահայ մամուլին հետ գործակցութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով «Ազդակ»-ի լսարանին, որ առիթ տուաւ հասկնալու, թէ ինչպիսի խնդիրներ կը յուզեն մեր ընթերցողներն ու գործընկերները»: 



Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am