1000х90.jpg (78 KB)

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը կը դատապարտէ ազերիական յարձակումը զորակցելով Արցախի ժողովդուրդին եւ բանակին

Armenpress 21:42, 27 Սեպտեմբեր, 2020
21:18, 27 Սեպտեմբեր, 2020ԵՐԵՎԱՆ (ԲԵՅՐՈՒԹ) 27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ: Համայն հայութիւնը տագնապալից պահեր կ՝ապրի այս ժամերուն, հայկական դիրքերու վրայ ազերիականանակնկալ յարձակումին պատճառով: Վստահ ենք, որ մեր քաջարի բանակը պիտի յաջողի ետ շպրտելթշնամին եւ լիարժէք պատասխան տալ անոր ծաւալապաշտական արկածախնդրութիւններուն:Այս առիթով ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ Արցախի ժողովուրդինինքնորոշման իրաւունքին, հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին աւանդական իր զօրակցութիւնը:Մեր խորազգած ցաւակցութիւնը հայրենիքի  հողին պաշտպանութեան ի խնդիր ինկած քաջարինահատակներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն: Ոչ ոք կրնայ մոռնալ հայրենիքի համար իրենց գերագոյնըզոհելու անոնց անսակարկ նուիրումն ու խիզախութիւնը:Արցախը կը պատկանի հայ ժողովուրդին եւ պիտի մնայ հայ ժողովուրդին, Թուրք-ազերիական բոլորսադրանքները դատապարտուած են ձախողութեան:Բիւր յարգանք հայրենիքի  բոլոր նահատակներուն եւ անոր սահմաններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորողմեր քաջարի բանակին:ՀԵԸ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am