Պահն է գերլարելու մեր ուժերը

Armenpress 16:03, 29 Ապրիլ, 2020

ԵՐԵՎԱՆ, 29 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/Զարթօնք։ Ըստ տեղեկութեանց, վերի նկարը Պէյրութի Նուէյրի շրջանի փողոցէ մըն է: Վրան գրուածն ալ յստակ է՝ «Թուրք ժողովուրդինսիրտէն»: Բաժնուածն ալ հաց է: Նպատակը՝ ոչ այնքան անյայտ...:

Մինչ քաղաքական եւ տնտեսական լուրջ խնդիրներու մէջ թաղուած Լիբանանի պէս բաց դաշտի մը վրայ, որուն կառավարութիւնը տակաւին կը խարխափէ, ու երկրին նման պայմաններուն մէջ եւ ընդհանրապէս թիկունք կանգնող դասական ուժեր եւ երկիրներ, քաղաքական տարբեր նպատակներով երեսի վրայ ձգած են զայն, թրքական միջամտութեան համար պարարտ հող կայ: Մանաւանդ երբ կարելի է օգտագործել համակրօնակիցներու գոյութիւնը եւ ներկայանալ, որպէս հոգեհարազատ պաշտպանը անոնց ու ամէն օր աւելի եւս հող շահիլ գետնի վրայ եւ համակրանքը՝ իր հոգատարութենէն օգտուող մարդկանց:

Ի պատիւ զինք տարիներէ ի վեր իբր թէ կառավարողներուն, օրապահիկի կարօտ ժողովուրդը անօթի է:Անօթութիւնը անողորմ է եւ մոռնալ կու տայ դար մը առաջ օսմանեան թուրքիոյ գործած ոճիրները Լիբանանի մէջ ու Ժամալ կոչուած փաշային բարձրացուցած կախաղանները, ուր ան չխնայեց ո՛չ քրիստոնեան, ո՛չ ալ իսլամը...:

Այստեղ՝ այսօր անշուշտ երեւակայածին եւ քիչ մըն ալ չափազանցուած կրնայ ըլլալ այն մտածումը, որ թուրքիոյ նկրտումները ու պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու քաղաքականութիւնը անմիջականօրէն կը թիրախաւորեն լիբանանահայութիւնը, սակայն Լիբանանի մէջ թրքական ազդեցութեան զօրացումով, մեր ժողովուրդը ընդհանուր տակնուվրայութեան մը մէջ կրնայ մանրուքի իրավիճակ ստանալ եւ անյոյս ճակատագիր մը ունենալ...:

Այս տագնապալի օրերուն, պահն է  համալիբանանահայ եւ ոչ միայն, մեր ուժերը գերլարելու ընդդէմ մեր դիմաց ծառացող վտանգներուն: Այս բանը կարելի է միայն ընել բացարձակ ինքնամոռացութեամբ, համախոհութեամբ ու համադրումով, որուն մէջ տեղ պէտք չէ ունենայ իրարամերժութիւնն ու հայկական իրականութեան մէջ անհանդուրժողականութեան երեւոյթը: Ո՛չ ոք, իրաւունք ունի դատելու իր եղբայրակից հայը կամ «արեան քննութիւն» ընելու, թէ ո՞վ միւսէն «աւելի Հայ է...»: Պահն է նեղանձնական եւ կուսակցական շահերէն վեր բարձրանալ եւ այնպէս գործել: Մեր կազմակերպութեան պարագային, նոյնիսկ ի վնաս մեր զուտ կուսակցական շահերուն, մենք այլըտրանք մը չենք տեսներ ու կը վարուինք ըստ այնմ...:

Վերջերս,ըստ տեղեկութեանց, Լիբանանի խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի մը բացման պահուն, հայկական քաղաքական դասական ուժերու շարքէն դուրս Հայ երեսփոխան մը առաջարկ ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի ներկայ երեսփոխանները յոտնկայս յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը, որոնց յիշատակը կ՛ոգեկոչէինք նոյն օրերուն: Առաջարկը՝ ի պատիւ իրեն,  երկրորդած էՀայ ժողովուրդի կարգ մը զաւակներէ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերէն մնացած տեղին կամ ոչ տեղին բարդոյթներու պատճառով, ո՛չ այնքան հաշտ աչքով դիտուածկուսակցութենէն կամ Ժըմայէլ ընտանիքէն՝ Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան՝ Սամի Ժըմայէլը...:

Զարմանալիօրէն, այնտեղ ներկայ Հայ միւս երեսփոխանները, դարձեալ ըստ մեր տեղեկութեան, լուռ մնացած են, մինչ Խորհրդարանի Նախագահը յայտարարած է, որ Լիբանանի Խորհրդարանը Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ երկու բանաձեւերու հեղինակ է արդէն եւ այս իմաստով իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած է:Հիմնուելով իր ըսածին վրայ զանց առած է այդ օր յոտնկայս յարգանքի առաջարկը: Մանրամասնութիւնները կրնան տարբերիլ, սակայն փաստը այն է, որ այդ օր հակառակ առաջարկուածին, յարգանքի տուրքը չէ մատուցուած ի տես, ի ներկայութիւն եւ ի լռութիւն հայ երեսփոխաններու...:

Այս ցաւալի պատահարը, ըստ մեզի, կրնայ այլամերժութեան եւ անհանդուրժողականութեան որպէս լաւագոյն օրինակ ծառայել, որովհետեւ կարելի չէ այլ ձեւով մեկնաբանել...: Այսինքն՝ եթէ առաջարկը մեզմէ կամ իւրայինէ մը չէ, նոյնիսկ եթէ այն կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան, ապա մենք նեցուկ չենք կանգնիր անոր: Վերոյիշեալ պատահարը մեզի ուրիշ բան չի յուշեր դժբախտաբար եւ այս երեւոյթին շատ արագ առաջքը պէտք է առնել եւ մտովին ու մեր պահուածքով եւ հոգեբանութեամբ վեր բարձրանալ մանրուքներէ մինչ թրքական վտանգը Լիբանանի մէջ, աւելի եւս կ՛ուրուագծուի, որուն դէմ պայքարելու համար մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր հայորդիին եւ Հայ ժողովուրդի բարեկամին: Իւրաքանչիւրըիր դիրքէն յաւելեալ արժէք մը կը ներկայացնէ մեր համընդհանուր պայքարին մէջ:

Հակառակը կարելի չէ այլեւս ի գործ դնել եւ արտօնուած ալ չէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի

Գլխաւոր Խմբագիր



Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am