1000х90.jpg (78 KB)

Տպագիր թերթերու միջոցաւ քորոնա ժահր չի փոխանցուիր: «Զարթօնք»-ի գլխավոր խմբագիր

Armenpress 13:15, 10 Ապրիլ, 2020

ԲԵՅՐՈՒԹ, 10 ԱՊՐԻԼԻ, ԱՐՄԵՆՊՐԵՍ/ԶԱՐԹՕՆՔ: Ուսումնասիրութիւնները կը Հաստատեն, որ Մելանը, Թերթին Տպագրութեան Գործընթացը եւ Ցրւումէն Մինչեւ Ընթերցողին Ձեռքը Հասնելու Ժամանակահատուածը Կ՛ոչնչացնեն Ժահրը` Տպագիր Թերթը Դարձնելով Անվնաս Արտադրութիւն:

Քորոնա ժահրի տարածման ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականներ քանի մը օր առաջ հաստատած են, որ ոչ հարթ թուղթի մակերեսներ, ինչպէս՝ օրաթերթերունը, որ բաղդատած այլ թուղթի տեսակներու կամ այլ մակերեսներու՝ ողորկ կամ սահուն չէ,  չի կրնար վայրկեաններէ աւելի այդ ժահրը կրել:

Արդարեւ, Ըրլ Ճ. Ուիլքինսըն, գլխաւոր եւ գործադիր տնօրէնը Միջազգային Լրատու Մետիայի Միութեան(INMA), ինքն է, որ առաջին անգամ յայտարարած է այս մասին, առկայ ուսումնասիրութիւններէն բացի նաեւ հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ ցարդ պաշտօնական ոչ մէկ հաստատուած պարագայ կայ, որ իր վարակը ստացած է տպագիր մամուլէ:

Ուիլքինսըն խթանուած բազմահազար ընթերցողներու նամակներէն գիտնականներու մասնակցութեամբ ուսումնասիրութիւն մը կազմակերպած է օգնութեամբը չորս միջազգային լուրջ վարկ ունեցող հաստատութիւններու՝ ՄԱԿ-ի Աշխարհի Առողջապահական Կազմակերպութիւնը (WHO), Հիւանդանոցային Վարակներու Պարբերականը (JHI), Ազգային Դիւրազգացութիւններու եւ Տարափոխիկ Հիւանդութիւններու Հիմնարկը (NIH) եւ Ճոն Իննս Կեդրոնը:

Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնը փաստած է, որ քորոնա ժահրը համեմատաբար երկար կ՛ապրի սահուն մակերեսներու վրայ, ինչպէս՝ փլասթիքի կամ մետաղի: Սովորական՝ որոշ ողորկութիւն ունեցող հաստ թուղթի կամ խաւաքարտի վրայ ընդամէնը քանի մը ժամ կրնայ ապրիլ, մինչ օրաթերթի թուղթին վրայ ընդամէնը՝ վայրկեաններ:

Հիմնուելով արդիւնքներուն վրայ Ուիլքինսըն աւելցուցած է, որ տպագիր մամուլը այլ ազդակ մըն ալ ունի ապահով ըլլալու: Այդ մէկը տպագրութեան համար գործածուած մելանին ալքոհոլի պարունակութիւնն է, ինչպէս նաեւ տպագրութեան մեքենաներու բնական օրերուն ալ  հականեխիչ հեղուկներով մաքրելու սովորութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ցրւումի ատեն առկայ վտանգին, ապա տուեալներն ու փորձը ցոյց կու տան, որ ցրւումի աշխատանքէն մինչեւ ընթերցողին թերթը բռնելու պահը բաւականին ժամանակահատուած սպառած կ՛ըլլայ: Այս մէկը աւելի եւս կ՛ապահովէ ժահրին չէզոքացման պարագան:

WHO-ի պատասխանատուներ, իրենց կարգին հաստատած են, որ տպագիր մամուլը ամենաանվտանգ արտադրութիւնն է այս օրերուս եւ միշտ կարելի է մեր նախասիրած թերթը անհոգ կարդալ: «Օրաթերթին վարակ կրելու հանգամանքը յանհունս (infinitesimal) փոքր է» հաստատած են անոնք:

Այլ պատասխանատու մը կատակով նշած է, որ ի զուր չէ, որ տարիներ առաջ դասական Ֆիշ էնտ Չիփսը օրաթերթի մէջ փաթաթուած կը ծախուէր փողոցներուն վրայ...:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի «Զարթօնք» Օրաթերթի

Գլխաւոր Խմբագիր

 



Գործակալության մասին

Հասցե՝ Հայաստան, 0002, Երեւան, Սարյան փող 22, Արմենպրես
Հեռ.՝ +374 11 539818
Էլ-փոստ՝ contact@armenpress.am